1Արդարեւ առաջին ուխտն ալ ունէր պաշտամունքի կանոններ, նաեւ աշխարհային սրբարան մը. 2որովհետեւ խորան մը կառուցանուած էր: Առաջինը, որուն մէջ կային աշտանակը, սեղանը եւ առաջադրութեան հացը, Սրբութիւն կը կոչուէր: 3Իսկ երկրորդ վարագոյրին ետեւ կար խորան մը՝ որ Սրբութիւններու սրբութիւն կը կոչուէր. 4անոր մէջ էին ոսկիէ բուրվառը եւ ամէն կողմէ ոսկեպատ ուխտին տապանակը, որուն մէջ կային ոսկիէ սափորը՝ մանանայով լեցուն, Ահարոնի գաւազանը՝ որ ծաղկեցաւ, եւ ուխտին տախտակները: 5Անոր վրայ ալ՝ փառքի քերովբէները, որ հովանի կ՚ընէին Քաւութեան վրայ: Այս մասին հիմա մանրամասն խօսելու կարիք չկայ: 6Ասոնք այսպէս կառուցանուած ըլլալով, քահանաները ամէն ատեն կը մտնէին առաջին խորանը՝ պաշտամունք կատարելու: 7Իսկ միայն քահանայապետը կը մտնէր երկրորդին մէջ, տարին մէ՛կ անգամ. բայց ո՛չ առանց արիւնի, որ կը մատուցանէր իրեն համար, նաեւ ժողովուրդին անգիտութեան մեղքերուն համար: 8Սուրբ Հոգին սա՛ կը բացայայտէր, թէ սրբարանին ճամբան յայտնաբերուած չէր, քանի դեռ կը կենար առաջին խորանը, 9որ նախատիպար մըն էր ներկայ ատենին համար: Անոր մէջ կը մատուցանուէին ընծաներ ու զոհեր, որոնք չէին կրնար կատարեալ ընել պաշտամունք կատարողը՝ խղճմտանքին հանդէպ. հապա՝ կերակուրներով, խմելիքներով 10եւ տարբեր լուացումներով՝ միայն մարմնաւոր կանոններ էին, որոնք կը պարտադրուէին մինչեւ ուղղումի ատենը: 11Բայց երբ Քրիստոս եկաւ իբր գալիք բարիքներու Քահանայապետ, անցաւ աւելի մեծ ու կատարեալ խորանին մէջէն՝ որ անձեռակերտ է, (այսինքն՝ այս արարչութենէն չէ,) 12եւ ի՛ր իսկ արիւնով - ո՛չ թէ նոխազներու եւ զուարակներու արիւնով - մէ՛կ անգամ ընդմիշտ մտաւ սրբարանը, յաւիտենական ազատագրութիւն ստանալով: 13Որովհետեւ եթէ ցուլերուն ու նոխազներուն արիւնը, եւ պիղծերուն վրայ սրսկուող երինջին մոխիրը, կը սրբացնէին՝ մարմինի մաքրութեան համար, 14ա՛լ ո՜րչափ աւելի Քրիստոսի արիւնը, որ յաւիտենական Հոգիին միջոցով մատուցանեց ինքզինք Աստուծոյ՝ իբր անարատ զոհ, պիտի մաքրէ ձեր խղճմտանքը մեռած գործերէն՝ պաշտելու համար ապրող Աստուածը: 15Հետեւաբար ինք նոր ուխտին միջնորդն է, քանի որ իր մահը եղաւ առաջին ուխտին ժամանակ գործուած օրինազանցութիւններուն ազատագրութեան համար, որպէսզի կանչուածները ստանան յաւիտենական ժառանգութեան խոստումը: 16Որովհետեւ հո՛ն՝ ուր կտակ մը կայ, հարկ է որ կտակարարը մեռնի: 17Արդարեւ կտակը կը հաստատուի մահէն ետք. այլապէս ոյժ չունի՝ այնքան ատեն որ կտակարարը ողջ է: 18Հետեւաբար առաջին ուխտն ալ չէր կրնար հաստատուիլ՝՝ առանց արիւնի. 19քանի որ երբ Մովսէս ամբողջ ժողովուրդին հաղորդեց Օրէնքին բոլոր պատուէրները, ցուլերուն եւ նոխազներուն արիւնը առաւ ու նոյնինքն Գիրքին եւ ամբողջ ժողովուրդին վրայ սրսկեց՝ ջուրով, որդան կարմիր բուրդով ու զոպայով, 20եւ ըսաւ. «Ա՛յս է արիւնը այն ուխտին՝ որ Աստուած հրահանգեց ձեզի»: 21Ու խորանին վրայ, եւ պաշտօնին բոլոր առարկաներուն վրայ նոյնպէս սրսկեց արիւնը: 22Օրէնքին համաձայն՝ գրեթէ ամէն բան կը մաքրուի արիւնով. եւ առանց արիւն թափելու՝ ներում չ՚ըլլար: 23Ուրեմն հարկ էր որ երկնային բաներուն օրինակները մաքրուէին ասոնցմով, իսկ նոյնինքն երկնաւորները՝ ասոնցմէ լաւագոյն զոհերով: 24Քանի որ Քրիստոս մտաւ ո՛չ թէ ձեռակերտ սրբարանը, որ ճշմարիտին կրկնատիպն էր, հապա նոյնինքն երկինքը, որպէսզի հիմա Աստուծոյ առջեւ երեւնայ մեզի համար. 25ո՛չ ալ մտաւ՝ ինքզինք յաճախ իբր զոհ մատուցանելու համար, ինչպէս քահանայապետը՝ որ ամէն տարի սրբարանը կը մտնէ ուրիշին արիւնով. 26այլապէս, պէտք էր որ յաճախ չարչարուէր՝ աշխարհի հիմնադրութենէն ի վեր: Բայց հիմա, դարերու վախճանին, մէ՛կ անգամ երեւցաւ՝ ջնջելու համար մեղքը ինքզինք զոհելով: 27Եւ ինչպէս մարդոց վերապահուած է մէ՛կ անգամ մեռնիլ, իսկ անկէ ետք՝ դատաստանը, 28նոյնպէս ալ Քրիստոս մէ՛կ անգամ իբր զոհ մատուցանուեցաւ՝ քաւելու համար շատերու մեղքերը, ու երկրորդ անգամ պիտի երեւնայ՝ առանց մեղքի, փրկելու համար անոնք՝ որ կը սպասեն իրեն: