1Երանի՜ թէ կարենայիք քիչ մը հանդուրժել իմ անմտութեանս. եւ իսկապէս՝ հանդուրժեցէ՛ք ինծի: 2Որովհետեւ նախանձախնդիր եմ ձեզի հանդէպ՝ Աստուծոյ նախանձախնդրութեամբ. քանի որ մէ՛կ ամուսինի նշանեցի ձեզ, որպէսզի Քրիստոսի՛ ներկայացնեմ ձեզ՝ մաքրակենցաղ կոյսի մը պէս: 3Բայց կը վախնամ որ, ինչպէս օձը խաբեց Եւան իր խորամանկութեամբ, նոյնպէս ձեր միտքերը ապականին Քրիստոսի հանդէպ եղած պարզամտութենէն: 4Որովհետեւ եթէ մէկը գար եւ քարոզէր ուրի՛շ Յիսուս մը՝ որ մենք չենք քարոզած, կամ ստանայիք ուրիշ հոգի մը՝ որ չէք ստացած, կամ ուրիշ աւետարան՝ որ չէք ընդունած, լաւ կը հանդուրժէիք այդպիսիին: 5Քանի որ ես կը սեպեմ թէ ոչինչո՛վ ետ մնացած եմ գերագոյն առաքեալներէն. 6ու թէպէտ անվարժ եմ խօսքի մէջ, բայց ո՛չ՝ գիտութեամբ. սակայն ամէն բանի մէջ մենք մեզ ամբողջովին բացայայտեցինք ձեզի: 7Միթէ սխա՞լ գործած եղայ ես զիս խոնարհեցնելով՝ որպէսզի դո՛ւք բարձրանաք, քանի որ ձրի քարոզեցի ձեզի Աստուծոյ աւետարանը. 8կողոպտեցի ուրիշ եկեղեցիներ՝ թոշակ առնելով անոնցմէ, որպէսզի սպասարկեմ ձեզի: 9Ձեր մէջ ներկայ եղած ատենս՝ երբ կարօտութեան մէջ էի, ձեզմէ ո՛չ մէկուն բեռ եղայ. որովհետեւ Մակեդոնիայէն եկող եղբայրնե՛րը լրացուցին ինչ որ կը պակսէր ինծի. եւ ամէն կերպով զգուշացայ ձեզի ծանրութիւն ըլլալէ, ու դարձեալ պիտի զգուշանամ: 10Քանի որ Քրիստոսի ճշմարտութիւնը իմ մէջս է, ո՛չ մէկը պիտի արգիլէ զիս այս պարծանքէն՝ Աքայիայի շրջանները: 11Ինչո՞ւ. քանի որ չե՞մ սիրեր ձեզ: Աստուա՛ծ գիտէ: 12Բայց ինչ որ ըրի՝ դարձեալ պիտի ընեմ զայն, որպէսզի առիթը զլանամ անոնց՝ որ առիթ կ՚ուզեն, որպէսզի իրենք ալ մեզի պէս գտնուին ինչո՛վ որ կը պարծենան: 13Որովհետեւ այդպիսիները սուտ առաքեալներ են, նենգ գործաւորներ, որ իրենք զիրենք կը կերպարանափոխեն Քրիստոսի առաքեալներու: 14Եւ զարմանալի չէ, որովհետեւ նոյնինքն Սատանան լուսաւոր հրեշտակի կը կերպարանափոխուի: 15Ուրեմն մեծ բան մը չէ, որ անոր սպասարկուներն ալ արդարութեան սպասարկուներու կերպարանափոխուին: Անոնց վախճանը պիտի ըլլայ իրենց գործերուն համեմատ: 16Դարձեալ կ՚ըսեմ, ո՛չ մէկը թող կարծէ թէ ես անմիտ եմ. այլապէս՝ գոնէ անմիտի՛ մը պէս ընդունեցէք զիս, որպէսզի ես ալ քիչ մը պարծենամ ինձմով: 17Ինչ որ կը խօսիմ, կը խօսիմ ո՛չ թէ Տէրոջ կողմէն, հապա՝ որպէս թէ անմտութեամբ, այս պարծանքին վստահութեամբ: 18Քանի շատեր կը պարծենան մարմինի համեմատ, ե՛ս ալ պիտի պարծենամ. 19քանի որ դուք հաճոյքով կը հանդուրժէք անմիտներուն, դուք ձեզ իմաստուն նկատելով: 20Որովհետեւ կը հանդուրժէք, եթէ մէկը ստրուկ ընէ ձեզ, եթէ մէկը լափէ ձեր ստացուածքը, եթէ մէկը բան մը առնէ ձեզմէ, եթէ մէկը պանծացնէ ինքզինք, եթէ մէկը զարնէ ձեր երեսին: 21Կը խօսիմ որպէս անպատուութիւն, իբր թէ մենք տկար եղած ըլլայինք. բայց ի՛նչ բանի մէջ որ մէկը յանդուգն է, (անմտութեամբ կը խօսիմ,) ե՛ս ալ յանդուգն եմ: 22Անոնք Եբրայեցի՞ են. ե՛ս ալ: Իսրայելացի՞ են. ե՛ս ալ: 23Աբրահամի զարմէ՞ն են. ե՛ս ալ: Քրիստոսի սպասարկունե՞ր են. (անմտութեամբ կը խօսիմ) ա՛լ աւելի ես: Աշխատանքներով՝ աւելի՛ շատ, ծեծերով՝ չափէ՛ն աւելի, բանտերու մէջ՝ աւելի՛ շատ, մահուան վտանգներով՝ յաճախ: 24Հրեաներէն հինգ անգամ քառասունէն մէկ պակաս ծեծ ստացայ: 25Երեք անգամ ձաղկով ծեծուեցայ. մէկ անգամ քարկոծուեցայ. երեք անգամ նաւաբեկութիւն կրեցի. գիշեր մը ու ցերեկ մը մնացի ծովու անդունդին մէջ: 26Յաճախ չարչարուեցայ ճամբորդութիւններու մէջ. կրեցի վտանգներ գետերէն, վտանգներ աւազակներէն. վտանգներ իմ ցեղէս, վտանգներ հեթանոսներէն. վտանգներ քաղաքի մէջ, վտանգներ անապատի մէջ. վտանգներ ծովու վրայ, վտանգներ սուտ եղբայրներու մէջ: 27Աշխատանքի ու տաժանքի մէջ էի, յաճախ՝ հսկումներու մէջ, անօթութեան եւ ծարաւի մէջ, շատ անգամ՝ ծոմապահութեան, ցուրտի ու մերկութեան մէջ: 28Բացի այդ արտաքին բաներէն, բոլոր եկեղեցիներուն հոգը կը բարդուէր վրաս ամէն օր: 29Ո՞վ տկար է, ու ես ալ տկար չեմ. ո՞վ կը գայթակղի, եւ իմ սիրտս չի վառիր: 30Եթէ պէտք ըլլայ պարծենալ, պիտի պարծենամ իմ տկարութիւններուս վերաբերեալ բաներով: 31Մեր Տէրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի Աստուածը եւ Հայրը, որ յաւիտեան օրհնեա՜լ է, գիտէ թէ չեմ ստեր: 32Դամասկոսի մէջ, Արետա թագաւորին ազգապետը՝ Դամասկոսցիներուն քաղաքը կը պահպանէր պահակազօրքով, ուզելով ձերբակալել զիս: 33Բայց պարիսպէն վար իջեցուցին զիս՝ պատուհանէ մը, զամբիւղի մը մէջ, ու խուսափեցայ անոր ձեռքերէն: